2011-06-04 11:56:55

Խրուաթիոյ կաթողիկէ եկեղեցին թիւերով`


Շաբաթ 4 յունիս 2011-ի առաւօտեան, սկիզբ առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին 2011 տարուայ Միջազգային առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը Խրուաթեա։
Պենետիկտոս ԺԶ.ի այս միջազգային 19-րդ ճամբորդութիւնը, նաեւ կը հանդիսանայ 13րդ ճամբորդութիւնը Եւրոպա, եւ երրորդը՝ երբեմնի Համայնավար երկիր։
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Խրուաթիան այցելած էր 1994 ի սեպտեմբերին, ապա 1998-ի հոկտեմբերին՝ երբ երանելի հռչակեց Կարտինալ Ստեփինաչը, հուսկ՝ 2003ի Յունիսին։ Նշենք թէ Խրուաթիան իր անկախութիւնը յայտարարած է Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք հոկտեմբեր 1991 -ին եւ այս տարի կը տօնախմբէ, ինչպէս Հայաստանը` իր անկախութեան 20-ամեակը։ Յատկանշականը այն է որ՝ 1991-ին, Վատիկանը եղած էր առաջին պետութիւնը որ ընդունած էր անկախութեան հռչակումը ։Առ այդ Սրբազան Քահանայապետի այս ճամբորդութիւնը կը ստանայ թէ հովուական եւ թէ քաղաքական բնոյթ։
Խրուաթիոյ Նախագահն է Իվօ Եոզիբովիչ, ընտրուած՝ 2010ին։
2003ին Խրուաթիան Եւրոմիութեան անդամակցութեան խնդրագիր ներկայացուցած էր եւ այս ուղղութեամբ բանակցութիւնները սկիզբ առած էին 2005-ին, ու վերջ պիտի գտնեն այս տարի եւ յառաջիկայ 2012 - 2013 տարեշրջանին նախատեսուած է Խրուաթիոյ եւրոմիութեան անդամակցութեան գրանցումը։ Սլովէնիայէն ետք` երբեմնի Եուկոսլավիոյ վեց հանրապետութիւններէն` Խրուաթիան երկրորդ հանրապետութիւնն է որ մաս պիտի կազմէ եւրոպական ընտանիքին։ Խրուաթիոյ մայրաքաղաքը Զաղրէպ ունի մէկ միլիոն 250 հազար բնակչութիւն, իսկ խրուաթիոյ ընդհանուր բնակչութեան թիւն է 4,5 միլիոն որոնց 87,8% կաթողիկէ են 4,4% Ուղղափառ իսկ 1,3% մահմետական։
Խրուաթիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կեդրոնական գրասենեակի տուեալներուն համաձայն, Խրուաթիոյ կաթողիկէ եկեղեցին կը հաշուէ 4 միլիոն հաւատացեալ։Խրուաթիոյ մէջ կը գործեն 17 եկեղեցական գաւառներ, 1598 ժողովրդապետութիւններ։
Եպիսկոպոսներու թիւը կը հասնի 25-ի, հաւատացեալներու հոգ հոգւոցով կը զբաղին 1540 թեմական կուսակրօն քահանաներ, 803 կրօնաւորներ եւ 3536 կրօնաւորուհիներ։
Կրթական մարզին մէջ, եկեղեցին ունի 22 նախակրթարաններ, ուր կը յաճախեն 1.135 դպրոցականներ, կան 12 ճեմարաններ` շուրջ 2.721 աշակերտներով եւ 7 համալսարաններ` 9.500 ուսանողներով։
Եկեղեցին ունի նաեւ 30 ծերանոցներ, 53 որբանոցներ, 14 ընտանեկան կեդրոններ` կեանքի պաշտպանութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.